Շաբաթասկիզբին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած հերթական ժողովին վաւերացուց Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումներուն արդիւնքները:
Այսպիսով, Անսար եւ Ահտ, որոնք հասան աւարտականին, շաբաթ, 25 մայիսին, երեկոյեան ժամը 22:30-ին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ պիտի մրցին իրարու դէմ:
Մրցումին հսկող նշանակուած է Ալի Այուպ:
Ֆետերասիոնը Անսարը տուգանքի ենթարկեց հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիով:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Մահապպէ Թրիփոլի եւ Հիլալ Հարեթ Նաամէ Դ. դասակարգէն բարձրացան Գ. դասակարգ (առաջին կազմը` իբրեւ ախոյեան):