Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիւաթլոն – Այնճար. 92 Երկսեռ Մարզիկներ Իրենց Մասնակցութիւնը Բերին Յիշատակելի Մրցումի Մը

May 23, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան թրիաթլոնի յանձնախումբին, կիրակի, 19 մայիսին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ տիւաթլոնի մրցումը (վազք եւ հեծելարշաւ):

Առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ մրցումին մասնակիցները հաւաքուեցան Այնճարի բերդին դիմաց, ուրկէ պիտի սկսէր մրցումը:

92 երկսեռ մարզիկները մեծ խանդավառութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին անոր` անցնելով պարտէզներուն մէջէն եւ բերդին շրջակայքէն, ինչպէս նաեւ վայելելով Այնճարի գեղեցիկ բնութիւնը:

Այս մրցումին ազդանշանը տուաւ Այնճարի քաղաքապետ Վազգէն Խօշեան: Նախքան ազդանշանին տրուիլը, Խօշեան բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր մասնակցողներուն, միեւնոյն ժամանակ յայտնելով, որ Այնճարի քաղաքապետութիւնը ոչ մէկ ճիգ խնայեց այս մրցումին յաջողութեան համար:

Քաղաքապետութեան ոստիկաններէն բացի, կազմակերպիչներուն օժանդակեցին նաեւ կամաւոր ՀՄԸՄ-ական քոյրեր եւ եղբայրներ` Պաուշրիէէն եւ Այնճարէն:

Այստեղ կարեւորութեամբ կ՛արժէ նշել այն, որ մթնոլորտը ճոխացուած էր նաեւ երգիչներով, «Տի. Ճէյ.»-ով` ներկայութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու, մասնակցողներու ծնողներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն: Այս բոլորին զուգահեռ քաղաքապետութիւնը վազողներուն տրամադրած էր նաեւ ուտեստեղէն, ջուր, պտուղ եւ այլ տեսակի սննդանիւթեր:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ յուշանուէրներու յանձնում` Այնճարի քաղաքապետին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, մեկենաս եւ հովանաւոր Մարիօ Սարատարի, Ներքին ապահովութեան ուժերու գնդապետ-զօրավար Հիւսէյն Խաշֆէի, բանակի մարզական պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Ժորժ Հըտի:

Մրցանակակիրները ստացան նաեւ նիւթական պարգեւներ, իսկ բոլոր մասնակցողները` յիշատակի մետալներ:

Աւարտին, Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնի անդամ Պետիկ Լօճիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին անխտիր, ըլլան անոնք մասնակցողներ կամ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներ` նկատի ունենալով, որ բոլորին միացեալ աշխատանքով այս մրցումը յաջողութեամբ կազմակերպուեցաւ:

Ստորեւ` արձանագրուած արդիւնքները.

ՏՂԱՔ.
1.- Ալի Զողպի (Լիբանանեան բանակ), 2.- Պաշիր Նասըր (ՀՄԸՄ), 3.- Նիզար Ղատի

ԱՂՋԻԿՆԵՐ.
1.- Լինտզի Նատեր, 2.- Սթեֆանի Խորիաթի, 3.- Քարոլ Պոյաճեան (ՀՄՄ)

ԽՄԲԱՅԻՆ
1.- Նիքոլ Մարթա եւ Նետիմ Ղիալի (Լիբանանեան բանակ)
2.- Սերժ Չոլաքեան եւ Ռոյ Ռուքոզ (ՀՄԸՄ)
3.- Բեկոր Եագուպեան եւ Շետի Անթուն (ՀՄԸՄ):

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Աթլեթիզմ. Շանթ Ահարոնեան Միացաւ Լիբանանի Ազգային Խումբին

Յաջորդը

Լոյս Տեսած Է «Մշակոյթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնում (1918-1920)» Հատորը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.