Ֆրանսական «Լը Փարիզիեն» օրաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես ակումբի գլխաւոր մարզիչ ֆրանսացի Զինետին Զիտանի տրամադրութեան տակ դրած է 600 միլիոն եւրօ` մարզիկներու փոխանցման համար:
Ամրան ընթացքին Զիտան լուրջ աշխատանք ունի ընտրելու նոր մարզիկներ:
Նշուեցաւ, որ ֆրանսացի մասնագէտին պահանջով Ռէալ պիտի փորձէ ձեռք ձգել նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմենի 20 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Մպափէն:
Ամրան ընթացքին արքայական ակումբին պիտի միանան յետսապահ Էտեր Միլիթաօ (Փորթօ) եւ պրազիլցի միջնապահ Ռոտրիկօ (Սանթոս, Պրազիլ): Առաջինին փոխանցման համար Ռէալ պիտի վճարէ 50 միլիոն եւրօ, իսկ երկրորդին համար` 45 միլիոն եւրօ:



