Պրազիլցի նախկին ֆութպոլիստ Քաքա հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, թէ կը մտադրէ վերադառնալ ֆութպոլի աշխարհ:
«Պատրաստ եմ վերադառնալու ֆութպոլի աշխարհ, սակայն իբրեւ թեքնիք պատասխանատու: Այս գծով իմ դասընթացքներս կ՛աւարտեմ օգոստոսին: Փափաքս է, որ գործակցիմ Ա. Սէ. Միլանի հետ, որովհետեւ անոր հետ անցեալին ունեցած եմ անմոռանալի յիշատակներ», ըսաւ Քաքա: