Ռէալ Մատրիտի միջնապահ, 2018-ի մոնտիալին աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուած Լուքա Մոտրիչ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով ընտրուեցաւ Խրուաթիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Խրուաթիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքը յայտնեց, որ այս քուէարկութեան մասնակցեցան երկրին ախոյեանութեան մաս կազմող խումբերուն մարզիչներն ու մարզիկները:
33 տարեկան ֆութպոլիստը 7-րդ անգամ ըլլալով կ՛արժանանայ այս մրցանակին:



