Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ եւ մարզիչ Տիեկօ Մարատոնա փափաք յայտնած է մարզելու Մանչեսթըր Եունայթըտը:
«Եթէ Մանչեսթըր Եունայթըտ մարզիչի պէտք ունի, ես կազմ ու պատրաստ եմ այդ պաշտօնը անմիջապէս ստանձնելու: Բոլորս ալ տեղեակ ենք, որ աշխարհի տարածքին այդ ակումբը կը ծախէ ամէնէն շատ մարզաշապիկները, բայց պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ անոր պէտք են նաեւ տիտղոսներ: Ես պատրաստ եմ բազմաթիւ տիտղոսներ ապահովելու մանչեսթըրեան ակումբին», ըսած է Մարատոնա` «Ֆոր-ֆոր-թու» մարզաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:



