Չճանչցուած երկիրներու ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քոնիֆա-2019») ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի հաւաքականը յաղթական մեկնարկ մը ունեցաւ, երբ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Սափմիին (Ա. խմբակ):
Նոյն խմբակին մէջ իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց Աբխազիա Չամերիայի դէմ (3-1):
Իսկ Բ. խմբակին մաս կազմող Արեւմտեան Հայաստան 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Հարաւային Օսեթիայէն:
Սակայն իր կատարած երկրորդ մրցումին, Արեւմտեան Հայաստանի կազմը 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Շեքելիլանտի դէմ:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Զաւէն Բադոյեան, Դաւիթ Յովսէփեան (փենալթիով), Վարդան Բակալեան, Դաւիթ Մինասեան եւ Արման Ասլանեան:
Արցախի հաւաքականը երէկ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Զամերիայէն:
Արցախի միակ կոլը նշանակեց Արսէն Սարգսեան (84-րդ), մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ: