Հայաստանի 18 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը, իր կատարած առաջին մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Արժանթինէն (կիսախաղ` 0-0):
Խումբին մարզիչն է Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Ոսկանեան:
Հայաստանի խմբակին (Գ. խմբակ) մէջ են նաեւ Իրան եւ Ռուսիոյ Բ. խումբերը:
Այսօր` ուրբաթ, 7 յունիսին Հայաստան կը մրցի Իրանի դէմ:



