Երեք տարուան բացակայութենէ մը ետք Կրանատա վերադարձաւ «Լա լիկա» նկատի ունենալով, որ անիկա 2019-2020 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ վերոնշեալ դասակարգին մէջ:
Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 41-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, անիկա 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով Մայորքայի հետ, իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 46 կէտ եւ ապահովեց ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը: Անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցները` Մալակա եւ Ալպասեթէ, որոնք ունին 71-ական կէտ, չեն կրնար գերազանցել Կրանատան:
Նշենք, որ առաջին դիրքին վրայ գտնուող եւ Բ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացած Օսասունա ունի 84 կէտ:



