«Էն. Պի. Էյ.». Ռեփթըրզ – Ուորիըրզ` 2-1
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի եւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի միջեւ, աւարտեցաւ հիւր կազմին` Ռեփթըրզի յաղթանակով, 123-109 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այժմ Ռեփթըրզ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ Ուորիըրզը: Չորրորդ մրցումը եւս տեղի պիտի ունենայ Ուորիըրզի դաշտին վրայ:
Երէկուան այս մրցումին Ռեփթըրզէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 30 կէտ, մինչ Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի` 47 կէտ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական