Սպանիայէն Լիվըրփուլ իրենց վերադարձին, Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Լիվըրփուլի ֆութպոլիստները արժանացան շատ մեծ եւ ջերմ ընդունելութեան` նկատի ունենալով, որ ակումբին շքերթին մասնակցեցան շուրջ 800 հազար անձեր, այսինքն` Լիվըրփուլ քաղաքի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը:
Շուրջ 5 ժամ տեւած այս շքեղ միջոցառումը աւարտեցաւ հրավառութեամբ:
Երէկ` երկուշաբթի, 3 յունիսին, Լիվըրփուլ նշեց իր հիմնադրութեան 127-ամեակը:
Այլ գետնի վրայ, Լիվըրփուլի ղեկավարութիւնը մտադիր է բարձրացնել ակումբի գլխաւոր մարզիչ Եիւրկըն Քլոփի աշխատավարձը եւ երկարաձգել անոր պայմանագրութիւնը, որ նախատեսուած է մինչեւ 2022, յայտնեց «Տը Կարտիըն»:
Անգլիական ակումբի սեփականատէրերուն` ամերիկեան «Ֆենուէյ Սփորթց Կրուփ»-ի ներկայացուցիչներուն համար հարցը առաջնահերթ է, որովհետեւ անոնք մտավախութիւն ունին, որ եւրոպական շարք մը անուանի ակումբներ կը փորձեն անոր ներկայացնել գրաւիչ առաջարկ մը, իրենց կազմին մէջ տեսնելու համար գերմանացի մարզիչը:
Այժմ ան կը ստանայ տարեկան 7 միլիոն սթերլինկ:
Լիվըրփուլ անոր հետ չորս տարուան ընթացքին տիրացաւ իր առաջին տիտղոսին: