Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ, 32 տարեկան Էտկար Մանուչարեան յայտարարեց Հայաստանի բաժակակիր Ալաշկերտ Երեւանէն հեռանալու մասին:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ալաշկերտի ընտանիքին, որուն հետ կրցայ յաջողութիւններու հասնիլ: Բոլորին կը մաղթեմ, որ յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին խումբը մի՛շտ վերելք արձանագրէ:
Նշենք, որ երէկ Մանուչարեան միացաւ Հայաստանի փոխախոյեան Փիւնիկին:



