Ռէալ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ, 50 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ պելճիքացի միջազգային ֆութպոլիստ Էտեն Հազարի շնորհահանդէսը:
28 տարեկան Հազար, որ Չելսիէն փոխանցուեցաւ արքայական ակումբին, յաջող քննութիւններու ենթարկուելէ ետք 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց արքայական ակումբին հետ: Անոր փոխանցումը արժեց 100 միլիոն եւրօ, մինչ անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի կազմէ 11 միլիոն եւրօ:
Յայտնենք, որ 50 հազար հանդիսատեսը այդքան ալ մեծ թիւ մը չէր` նկատի ունենալով, որ պրազիլցի Քաքայի շնորհահանդէսին ներկայ էր 55 հազար հանդիսատես, իսկ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի շնորհահանդէսին` 80 հազար:
Ռէալին միանալով Հազար պիտի կրէ թիւ 7 մարզաշապիկը` նկատի ունենալով, որ խրուաթ ֆութպոլիստ Լուքա Մոտրիչ չուզեց թիւ 10 մարզաշապիկը զիջիլ Հազարին:
Թէ՛ Չելսիի եւ թէ՛ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ Հազար կը կրէ թիւ 10 մարզաշապիկը: