Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 16 յունիսին, տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի տարեշրջանին առաջին մրցումը, ֆետերասիոնի բաժակը` Թանիոս Միրի յիշատակին: Աւելի քան 60 հեծելանւորդներ մասնակցեցան մրցումին` ներկայացնելով 7 ակումբներ` ՀՄԸՄ, ՀՄՄ, Սալաաթա, Պայք Լեպանոն, Ալէյ, Լիբանանեան բանակ եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը: Երէցներու մրցումին, Ռոյ Ռուքոզ եւ Սալահ Ռապպահ գրաւեցին առաջին եւ երրորդ դիրքերը (1 ժամ 57 վայրկեան եւ 7 երկվայրկեան)` ՀՄԸՄ-ի խումբին տիրապետութեամբ:
Նշենք, որ այս տարի ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը կը ներկայացնեն Բեկոր Եագուպեան, Յակոբ Քէշիշեան, Ռոյ Ռուքոզ, Սալահ Ռապպահ, Քարլ Տէմիրճեան, Վիգէն Քէչէճեան, Յովսէփ Գանլճեան, Կարէն Արաբկիրլեան, Նազօ Տանայեան եւ Քարիմ Շհատէ, իսկ ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի շրջանային յանձնախումբը կը կազմեն Նազօ Հապիպեան, Կարօ Քէշիշեան, Մինաս Յակոբեան, Գէորգ Համալեան եւ Շրջանային վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ Վաչէ Ծատուրեան: Ստորեւ` մրցումին արդիւնքները.
ՄԱՍԹԸՐԶ
1) Ռեմոն Հպէյքա (Ալէյ)
2) Սամիր Լիեն (անկախ)
3) Պասսամ Տընաուի (Պայք Լեպանոն)
ԿՐՏՍԵՐ
1) Ալեն Մարունի (Ալէյ)
2) Ֆարիտ Շէյպան (Ալէյ)
3) Ուսամա Ռաֆիի (անկախ)
ԵՐԷՑ
1) Ռոյ Ռուքոզ (ՀՄԸՄ)
2) Զահեր Հաժ (Ալէյ)3)
Սալահ Ռապպահ (ՀՄԸՄ)
Նշենք, որ ֆետերասիոնը 30 յունիսին կը կազմակերպէ Լիբանանի ախոյեանութիւնը (ժամացոյցի դէմ մրցում) եւ 7 յունիսին Լիբանանի ախոյեանութիւնը (պարզ ճամբու մրցում):