«Սփորթ Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած մինի ֆութպոլի «Քօ լիկ» ընկերութիւններու մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ «Սփորթց Էվընիու» մարզադաշտին վրայ (Հազմիէ) տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը:
«Միթսիւլիֆթ» հանդիսացաւ տիտղոսակիր` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մուաուատ գրախանութի խումբին:
«Քազինօ Տիւ Լիպան» հանդիսացաւ երրորդ, 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք «Այ. Թի. Ճի.»-ին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ «Սփորթ Մանիա» ընկերութեան պատասխանատուներուն: