Եուվենթուսի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ լոնտոնեան Չելսիէն հեռացած 60 տարեկան իտալացի ֆութպոլի մասնագէտ Մաուրիցիօ Սարի նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
Ան մինչեւ 30 յունիս 2022 պայմանագրութիւն մը կնքեց Իտալիոյ ախոյեանին հետ:
Ան այսպիսով փոխարինեց Մասիմիլիանօ Ալեկրին, որ եղաւ խումբին մարզիչը` 2014-էն 2019:
Սարի նախապէս եղած է նաեւ Նափոլիի, Սորենթոյի եւ Էմփոլիի մարզիչ: