Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ֆութպոլի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին երբ տեղի ունեցաւ աւարտականի մրցումը` Ուքրանիոյ եւ Հարաւային Քորէայի միջեւ:
Հակառակ անոր որ ասիական կազմը ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, սակայն Ուքրանիա, պատասխանելով երեք անգամ եւ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած խումբը այս մրցաշարքին ոչ մէկ պարտութիւն կրեց, իսկ փլէյ-օֆի մրցումներուն արձանագրեց չորս յաղթանակ: