Անգլիական «Միրըր»-ի համաձայն, այս ամրան ընթացքին, երբ սկսին մարզիկներու փոխանցումները աշխուժանալ, Ռէալ Մատրիտ եւ Եուվենթուս մեծ աշխատանք պիտի տանին` իրենց կազմին միացնելու Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահը:
Անոնք երկուքն ալ 27 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար պատրաստ են վճարելու 168 միլիոն եւրօ:
Սակայն կը նշուի, որ եգիպտացի Սալահ մտադիր չէ հեռանալ իր մարզիչէն` Եիւրկըն Քլոփէն, մինչ անգլիական կազմին ղեկավարութիւնը չ՛ուզեր ծախել իր մարզիկը, որ նախորդ տարեշրջանին 52 մրցումի ընթացքին նշանակեց 27 կոլ եւ կատարեց 13 էսիսթ: