Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթին համաձայն, Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը համաձայն է ծախել իր պրազիլցի աստղը` Նէյմարը, անշուշտ եթէ լաւ առաջարկ մը ստանայ անոր վերաբերեալ:
Նշուեցաւ, որ Նէյմար իր կարգին կ՛ուզէ հեռանալ մայրաքաղաքի ակումբէն:
Ֆութպոլիստին գործակատարը Սպանիոյ մէջ նոր ակումբ մը կը փնտռէ իր յաճախորդին համար: