ՀՄԸՄ Անթիլիասի տղոց 14 տարեկանէն վար խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի 14 տարեկանէն վար տղոց 2019 տարեշրջանի ախոյեանութեան, այսօր` շաբաթ, 13 յուլիսին, կը կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ կը մրցի Հուփս Մեթնի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 13:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Թաատոտ» դաշտին վրայ:
Այսօրուան յայտագիրին վրայ են տասը մրցումներ, մինչ վաղը` կիրակի, կը կատարուին եօթը մրցումներ:
Վերոնշեալ 17 մրցումներուն համար Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ նկատի առնուած դաշտերն են. «Թաատոտ», «Ամալ Պիքֆայա» եւ «Նուհատ Նաուֆալ»: