Մարզական

2022-ի Մոնտիալ- Ասիոյ Ֆութպոլի 2023-ի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան Մաս Կազմեց Ը. Խմբակին

Երէկ տեղի ունեցաւ Քաթար-2022-ի մոնտիալին, ինչպէս նաեւ Ասիոյ ֆութպոլի 2023-ի բաժակի մրցաշարքին (Չինաստան) վիճակաձգութիւնը: Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ մաս կազմեց Ը. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Հարաւային Քորէան, Հիւսիսային Քորէան, Թուրքմենիստանը եւ Սրի Լանքան: Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքը գրաւողները, ինչպէս նաեւ լաւագոյն երկրորդ դիրքը գրաւած չորս խումբեր (ընդամէնը` 12 խումբ), կ՛ապահովեն 2023-ի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի, ինչպէս նաեւ...

Եւրօ-2019. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Պարտուեցաւ Իտալիայէն (4-0) Եւ Զրկուեցաւ Փլէյ-Օֆէն

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցաշարքին ծիրին մէջ իր կատարած երկրորդ մրցումին, Հայաստանի կազմը, որ ճակատեցաւ Իտալիոյ դէմ, կրեց 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Այսպիսով, Արթուր Ոսկանեանի գլխաւորած խումբը, որ այսպիսով կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, զրկուեցաւ փլէյ-օֆէն: Յառաջիկայ 20 յուլիսին Հայաստանի վերջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Փորթուգալ: Ստորեւ` դասաւորումը.   ԿԷՏ 1.- Սպանիա 4 (5-2) 2.-...

«Չեմփիընզ Լիկ». Արարատ – Արմենիա Դուրս Մնաց Մրցաշարքերէն

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ - Արմենիան, որուն գլխաւոր մարզիչն է Վարդան Մինասեան, դուրս մնաց «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն` զտումի Ա. հանգրուանին չկարենալով յաղթահարել Շուէտի ախոյեան «ԱԻՔ»-ի արգելքը: Թէեւ հայրենի կազմը երթին Երեւանի մէջ յաղթանակ մը արձանագրած էր 2-1 արդիւնքով, սակայն երէկ կրելով 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը, հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին: Այժմ Արարատ - Արմենիա իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի...

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Զտումի Ա. Հանգրուանի Դարձի Մրցումները

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան դարձի բոլոր մրցումները: Ալաշկերտ հիւրը պիտի ըլլայ Մակեդոնիայի (ժամը 17:30-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով), իսկ Փիւնիկ` Շքուփիի (ժամը 21:30-ին): Երթին Ալաշկերտ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ Փիւնիկ` 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:

Պարսելոնա Նէյմարը Ձեռք Ձգելու Համար Կ՛առաջարկէ 40 Միլիոն Եւրօ Եւ 2 Ֆութպոլիստ

Սպանական մամուլին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնա ակումբը իր նախկին ֆութպոլիստը` Նէյմարը ձեռք ձգելու համար, անոր ակումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենին կ՛առաջարկէ 40 միլիոն եւրօ եւ 2 ֆութպոլիստ: Եթէ ֆրանսական խումբը համաձայն գտնուի այս առաջարկին, Պարսելոնա Սեն Ժերմենին պիտի տայ նաեւ Ֆելիփէ Քութինիոյի եւ Ուսման Տեմպելէի ստորագրութիւնները: Փարիզեան ակումբը այդ առաջարկը գտած է ծիծաղելի եւ, ըստ ոչ հաստատ լուրերու, մերժած է զայն` նշելով,...

Պորուսիա Տորթմունտի Յետսապահը Տեղափոխուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն

Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Պորուսիա Տորթմունտի յետսապահ Ապտու Տիալօ միացաւ իրենց կազմին: 23 տարեկան ֆութպոլիստը, որ մինչեւ 30 յունիս 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ֆրանսական ակումբին հետ, պիտի կրէ թիւ 22 մարզաշապիկը: Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, մայրաքաղաքի կազմը անոր փոխանցման համար վճարեց 32 միլիոն եւրօ: Նախորդ տարեշրջանին ան Տորթմունտի հետ կատարեց 28 մրցում:

Ռէալ Մատրիտ Պատրաստ Է Ծախելու Ռոտրիկեզը

Քոլոմպիայի յառաջապահ Խամես Ռոտրիկեզով մօտէն հետաքրքրուած կը թուին ըլլալ Նափոլի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ: Այնպէս կը թուի, որ անոր ակումբը` Ռէալ Մատրիտ, համաձայն է ծախելու իր ֆութպոլիստը: Սպանական մամուլը կը տեղեկացնէ, որ Ռէալ Մատրիտ անոր համար կը պահանջէ 42 միլիոն եւրօ, սակայն եթէ պատահի, որ ան միանայ Աթլեթիքօ Մատրիտին, անոր փոխանցման արժէքը պիտի կազմէ 50 միլիոն եւրօ:  

Լիբանանի Ազգային Խումբը Աւարտեց Ա. Հանգրուանի Իր Փորձերը` Արեւմտեան Ասիոյ Ֆութպոլի Մրցաշարքին Գծով

Անցնող քանի մը օրերուն, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի ռումանացի մարզիչ Լեվիօ Չիոփոթարիօ, շարունակական փորձեր կատարելէ ետք ազգային խումբ հրաւիրուած մարզիկներուն հետ, յայտարարեց, որ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուած Ա. հանգրուանի փորձերը աւարտած են: Փորձերը տեղի ունեցան Պէյրութի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ: Այս շաբաթավերջին Պաղտատի մէջ (Իրաք) տեղի կ՛ունենայ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, մինչ մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան Քարպալայի եւ Էրպիլի մէջ...

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

- ԱՀՏԻ ֆութպոլիստ Ահմետ Զըրէյք, երկու շաբթուան իր արձակուրդէն վերադառնալով, միացաւ Ահտի իր խմբակիցներուն` անոնց հետ սկսելով փորձերու: Ան մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ` փաստաթղթային եւ այլ տեսակի կարգ մը գործողութիւններ կատարելու համար: Ահտի մարզիչ Պասեմ Մարմար խումբին հետ փորձերը կը կատարէ առանց ազգային խումբին մաս կազմող մարզիկներուն: - ԼԻԲԱՆԱՆԻ ֆութպոլի ֆետերասիոնը, Նըժմէ եւ Անսար ակումբներուն ներկայացուցած առաջարկին ընդառաջելով, յառաջիկայ շաբաթ...

Չարենցաւանի Եւ Էջմիածինի Մէջ Պիտի Բացուին Նորակառոյց Մարզադպրոցներ

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար` Գէորգ Լոռեցեան յայտնեց, որ այս տարի Չարենցաւանի եւ Էջմիածինի մէջ պիտի բացուին մարզադպրոցներ: Երկու մարզադաշտերուն մէջ ալ ստեղծուած են բոլոր պայմանները ո՛չ միայն բարձր մակարդակի փորձեր կատարելու, այլ նաեւ հանրապետական նշանակութեան մարզական միջոցառումներ կազմակերպելու համար: Նշուեցաւ նաեւ, որ ընթացքի մէջ են Արթուր Ալեքսանեանի անուան ըմբշամարտի մարզադպրոցի կառուցման նախագիծին շուրջ աշխատանքները, որոնց վերջնական արդիւնքները ի յայտ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` «Աիք» – Արարատ Արմենիա Դարձի Մրցումը

  «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 17 յուլիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ Արմենիա հիւրը պիտի ըլլայ «ԱԻՔ»-ի խումբին, որ իր կարգին Շուէտի ախոյեանն է: Երթի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, հայրենի կազմը արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Սակայն արձանագրուած այս յաղթանակը չի նշանակեր, որ Արարատ - Արմենիա ապահոված է յաջորդ հանգրուանի...

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Կրեց Իր Չորրորդ Յաջորդական Ծանր Պարտութիւնը

Փորթուգալի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի տղոց պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ (Բ. դասակարգ), Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ կատարեց իր չորրորդ մրցումը, կրեց իր չորրորդ յաջորդական ծանր պարտութիւնը, այս անգամ Էսթոնիայէն` 99-41 արդիւնքով: Հայաստան յաջորդաբար պարտուած էր Շուէտէն (149-26), Վրաստանէն (98-46) եւ Քոսովոյէն (97-40): Վերջին մրցումին գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Քոթանճեանի կազմը կը մրցի Հոլանտայի դէմ:

«Եւրոպայի Լիկա». Բանանց Ծանր Պարտութեամբ Հրաժեշտ Տուաւ Մրցաշարքին

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Բանանց իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Չուքարիքին (Պելկրատ): Երթին մրցակիցին դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած Բանանց երէկուան մրցումին կրեց աւելի ծանր պարտութիւն մը, այս անգամ` 5-0 արդիւնքով, եւ հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին:

«Ֆորմիւլա-1». «Փիթ-Սթափ»-ի Նոր Մրցանիշ` 1″ 91

Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻԱ, իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտարարեց, որ նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ կրան փրիին («Սիլվըրսթոն»-ի վազքուղի) «փիթ-սթափ»-ի նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ «Ռետ-Պուլ»-ի խումբին կողմէ: Արդարեւ, 12-րդ լեփին վերոնշեալ խումբի ֆրանսացի վարորդ Փիեռ Քէյզլի «փիթ-սթափ» մտաւ, ամէնէն արագը (1" 91), ինչ որ նկատուեցաւ նոր մրցանիշ մը: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր «Ուիլիըմս» խումբին, որ հաստատուած էր 2016-ին (1" 92):  

Թենիս. Կարէն Խաչանով Առաջին Անգամ Ըլլալով Գրաւեց 8-րդ Դիրքը

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, Ռուսիոյ թիւ 1 դասուած հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով բարձրացաւ 8-րդ դիրք (նախապէս` 9-րդ)` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2890 վարկանշային կէտ: Առաջին դիրքին վրայ կը մնայ սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ քանի մը օր առաջ տիրացաւ Ուիմպըլտընի մրցաշարքին տիտղոսին: Ան աւելի եւս ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` ունենալով...

Թենիս. Սիմոնա Հալեփ Պիտի Արժանանայ Բարձրագոյն Պետական Պարգեւի

Նախորդ շաբաթավերջին թենիսի Ուիմպըլտընի աղջկանց կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած Սիմոնա Հալեփ պիտի պարգեւատրուի Ռումանիոյ բարձրագոյն պետական պարգեւով, երէկ յայտնեց ռումանական մամուլը: «Ռումանիոյ նախագահը որոշեց Ուիմպըլտընին գերազանց արդիւնքներ արձանագրած Սիմոնա Հալեփը պարգեւատրել երկրի բարձրագոյն պարգեւով` աստղի շքանշանով», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: Նշենք, որ Ռումանիա իր վերադարձով, Պուքրեշի օդակայանին մէջ 23 տարեկան Հալեփ արժանացաւ շատ մեծ եւ ջերմ ընդունելութեան:

Թրքական Ակումբը Սխալ Ֆութպոլիստ Մը Գնեց

Թրքական Մենեմենսփոր ակումբը, որ հանդէս կու գայ Բ. դասակարգին մէջ, ծիծաղելի փոխանցում մը իրականացուցած է: Վերոնշեալ ակումբը, մօտէն հետաքրքրուած ըլլալով փորթուգալական Գ. դասակարգին մաս կազմող Ալքոշեթենսէի կամպիացի յառաջապահ Ալֆա Ջալրուով, շատ արագ բանակցութիւններու ձեռնարկած է եւ անմիջապէս իր կազմին միացուցած վերոնշեալ ֆութպոլիստը, որ ինքզինք շատ ուրախ զգացած է: Սակայն ճիշդ մէկ օր ետք, թրքական ակումբը իր պայմանագրութիւնը խզած է անոր...

Հաղորդագրութիւն

Լիբանանի պասքեթպոլի 2018-2019 տարեշրջանի մրցաշարքերը եւ տեղական ու շրջանային մրցումները աւարտած են արդէն իսկ: Այս տարեշրջանին ալ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Անթիլիասի աղջկանց խումբը իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերաւ այս բոլոր աշխատանքներուն եւ պատուաւոր արդիւնքներով աւարտեց եղանակը: ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի վարչութիւնը կը գտնուի պասքեթպոլի 2019-2020 տարեշրջանի սեմին, յանձնախումբ մը գործի լծած է արդէն իսկ եւ պատրաստութեան սկսած նոր ծրագիրներով ու թափով: Այս բոլորին հետագային...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Պարգեւատրեց Նիքիթա Սիմոնեանը

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիր մը ստորագրեց անուանի ֆութպոլիստ, ականաւոր մարզիչ Նիքիթա Սիմոնեանը «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» առաջին կարգի շքանշանով պարգեւատրելու մասին: Հրամանագիրին մէջ նշուած է. «Հիմք ընդունելով վարչապետին միջնորդութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածին, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի առաջին բաժինին, հայկական ֆութպոլին մատուցած անուրանալի ծառայութիւններուն եւ ունեցած ակնառու նուաճումներուն համար Նիքիթա...

«Ռետ Պուլ»-ի Աշխարհի Սուզումի Ախոյեանութիւն.  Հազարաւոր Լիբանանցիներ Ողողեցին Ռաուշէի Ժայռին Ամբողջ Շրջակայքը

«Ռետ Պուլ»-ի Աշխարհի Սուզումի Ախոյեանութիւն. Հազարաւոր Լիբանանցիներ Ողողեցին Ռաուշէի Ժայռին Ամբողջ Շրջակայքը

Հազարաւոր հանդիսատեսներու ներկայութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Ռետ-Պուլ»-ի 2019-ի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի (ընդամէնը` 7 հանգրուան) ցատկելով սուզումի մրցումը` Պէյրութի հանրածանօթ Ռաուշէի ժայռին վրայէն, մասնակցութեամբ միջազգային անուանի լողորդներու, որոնք իրենց ներկայութեամբ յաւելեալ փայլք տուին սուզումի այս ախոյեանութեան: Հակառակ տաք օդին, հազարաւոր լիբանանցիներ եկած էին քաջալերելու ախոյեանութեան մասնակցողները, որոնք 27 մեթր բարձրութենէն, տարբեր տեսակի իրենց իւրայատուկ ձեւերով ցատկելով սուզուեցան ջուրին մէջ: Այս...

Page 680 of 1279 1 … 679 680 681 … 1,279

Արխիւներ