Երէկ կիրակի, 14 յուլիսին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Շուէտ մեկնեցաւ Հուփս Պէյրութի ֆութպոլի մէկ պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար «Կոթիա Քափ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Կոթըպորկի մէջ:
Ամէն տարի տեղի ունեցող մրցաշարքին այս տարի կը մասնակցին 78 երկիրներէ 1700 խումբեր:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ապպաս Մահմուտ, խումբին մարզիչն է Թամեր Հարաքէ, իսկ մարզիկները` Քարիմ Ժըշի, Մոհամետ Պատիր, Մաժըտ Քարաքէ, Տենի Եուսեֆ, Մուսթաֆա Թըրրօ, Հիւսէյն Մեհտի, Ալի Մեհտի, Նաէլ Հըուիժի, Հասան Զէյն, Սամիր Մանսուր, Հասան Մըրատ, Համզէ Խալիլ:
Հուփս մաս կը կազմէ 18-րդ խմբակին: