Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան աւարտեց իր պայքարը ճատրակի Ռիկա «ՖԻՏԷ կրան-փրի» միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Չինացի Եանճի Եուի հետ թայ-պրէյքի արմակետոն մրցումին, հայրենի կրանտմասթըրը, որ խաղցաւ ճերմակ քարերով, իր արձանագրած հաւասարութեան շնորհիւ առիթ մը տուաւ, որ սեւ քարերով խաղացող իր մրցակիցը ապահովէ քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Թայ-պրէյքի արագ ճատրակի չորս ճակատումներուն արձանագրուեցաւ հաւասարութիւն: Անոնք արձանագրեցին նաեւ մէկական յաղթանակ: Դասական երկու մրցումներուն եւս հաւասարութիւն արձանագրուեցաւ:
Քառորդ աւարտականին չինացիին մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուս Ալեքսանտր Կրիսչուք: