Եգիպտոսի մէջ իր աւարտին մօտեցող Ափրիկէի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումներուն արդինքներուն լոյսին տակ, յստակացան աւարտականին:
Չորեքշաբթի, 17 յուլիսին, ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, տեղի կ՛ունենայ 3-րդ դիրքի մրցումը Թունուզի եւ Նիկերիոյ միջեւ:
Իսկ ուրբաթ, 19 յուլիսին (նոյն ժամուն), տեղի կ՛ունենայ աւարտական ճակատումը` Սենեկալի եւ Ալճերիոյ միջեւ:
Սենեկալ, երկարաձգումէն ետք, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թունուզի դէմ, մինչ Ալճերիա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիկերիան: