Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը վաղը` կիրակի, 14 յուլիսին, կը կատարէ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան իր առաջին մրցումը, երբ կը մրցի Սպանիոյ դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 18:45-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):
Հայաստանի խմբակին (Ա.) մաս կազմող Իտալիա եւ Փորթուգալ ժամը 21:00-ին Բանանցի դաշտին վրայ կը մրցին իրարու դէմ (դարձեալ վաղը):
Հայրենի կազմը երէկուան նման այսօր եւս ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ պիտի շարունակէ իր փորձերը` փորձելով լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել, մանաւանդ մրցաշարքին հիւրընկալ երկիրը ըլլալով եւ բնականաբար օգտուելով իր համակիրներուն ներկայութենէն:
Յառաջիկայ 27 յուլիսին, նոյն մարզադաշտին վրայ, ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ աւարտական ճակատումը:
Կիսաւարտականին Ա. խմբակին յաղթականը կը մրցի Բ. խմբակին երկրորդին դէմ, իսկ Ա. խմբակին երկրորդը` Բ. խմբակին առաջինին դէմ: