Շաբաթ, 13 յուլիսին սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 14 տարեկանէն վար 2019 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցումները, քանի մը դաշտերու վրայ, մասնակցութեամբ 34 խումբերու:
Մրցումները տեղի ունեցան Թաատոտի, Ամալ Պիքֆայայի եւ «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտերուն վրայ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի տղոց խումբը, որ Թաատոտի դաշտին վրայ մրցեցաւ Հուփս Մեթնի դէմ, մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց` 61-13 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկներն ալ ունեցան լաւ ելոյթներ` լաւապէս գործադրելով իրենց տրուած ցուցմունքները:
Կ՛ակնկալուի, որ յաղթանակներու շարքը շարունակուի յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն ալ: