Լոնտոնեան Արսենալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
«Հաճելի հանդիպում մըն էր Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսին եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ», յայտնեց Մխիթարեան:
Ապա ան իր ստորագրութեամբ մարզաշապիկ մը նուիրեց Արմէն Բայբուրդեանին:
Յատուկ բանակումի մը համար Արսենալ կը գտնուի Լոս Անճելըսի մէջ: Խումբը իր առաջին բարեկամական մրցումը պիտի կատարէ Քոլորատօ Ռափիտծի դէմ: