Հայաստան – Սպանիա ֆութպոլի մրցումով երէկ Երեւանի մէջ սկսաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցաշարքը:
Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին (Ա. խմբակ), Սպանիա արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հիւր կազմը 33-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը` շնորհիւ Ալեխանտրօ Օրելլանայի: Թէեւ Արսէն Եղիազարեան կրցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (51-րդ), սակայն սպանացիները նշանակեցին յաւելեալ երեք կոլեր` շնորհիւ Խուան Միրանտայի (58-րդ), Ալեխանտրօ Մարքեսի (64-րդ) եւ Վիքթոր Մոլեխոյի (90+7-րդ):
Հայաստան իր երկրորդ մրցումը կը կատարէ չորեքշաբթի, 17 յուլիսին, ժամը 21:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Իտալիոյ դէմ: