Հազարաւոր հանդիսատեսներու ներկայութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Ռետ-Պուլ»-ի 2019-ի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի (ընդամէնը` 7 հանգրուան) ցատկելով սուզումի մրցումը` Պէյրութի հանրածանօթ Ռաուշէի ժայռին վրայէն, մասնակցութեամբ միջազգային անուանի լողորդներու, որոնք իրենց ներկայութեամբ յաւելեալ փայլք տուին սուզումի այս ախոյեանութեան:
Հակառակ տաք օդին, հազարաւոր լիբանանցիներ եկած էին քաջալերելու ախոյեանութեան մասնակցողները, որոնք 27 մեթր բարձրութենէն, տարբեր տեսակի իրենց իւրայատուկ ձեւերով ցատկելով սուզուեցան ջուրին մէջ:
Այս իրադարձութեան ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շըպիպ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ, Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Թոնի Նասսար, զինուորական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, տարբեր ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով մարզական լրագրողներ` Եւրոպայէն, Արաբական երկիրներէն եւ աշխարհի չորս ծագերէն:
Տղոց մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւեց անգլիացի Կերի Հանթ (35 տարեկան)` 40 կէտի տարբերութեամբ գերազանցելով 2-րդ դիրքը գրաւած ամերիկացի Տէյվիտ Քոլթուրին (329, 40 կէտ):
Իսկ երրորդ հանդիսացաւ ռումանացի Քաթալին Փրետա (322,75 կէտ):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումին, աւստրալիացի Ռհիանան Իֆլանտ (27 տարեկան), դարձեալ տիրապետելով իր մրցակիցներուն վրայ, գրաւեց առաջին դիրքը` ապահովելով 306,15 կէտ: Երկրորդ հանդիսացաւ մեքսիքացի Ատրիանա Խիմենեզ (251,85 կէտ), մինչ 242,25 կէտ ապահովելով երրորդ հանդիսացաւ Եանա Նեսթսիարաւա (Պիելոռուսիա):
5-րդ հանգրուանէն ետք այժմ ընդհանուր դասաւորումը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.
ՏՂԱՔ | ԿԷՏ |
1.- Կերի Հանթ (Անգլիա) | 800 |
2.- Եոնաթըն Փարետես (Մեքսիքա) | 460 |
3.- Էնտի Ճոնզ (Միացեալ Նահանգներ) | 380 |
ԱՂՋԻԿՆԵՐ | |
1.- Ռհիանան Իֆլանտ (Աւստրալիա) | 800 |
2.- Եանա Նեսթսիարաւա (Պիելոռուսիա) | 460 |
3.- Ճեսիքա Մաքոլէյ (Անգլիա) | 430 |
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութենէն ետք նախարար Կիտանեան ըսաւ.
«Շատ ուրախ եմ այս նախաձեռնութեան համար, որ պսակուեցաւ շատ մեծ յաջողութեամբ, մանաւանդ որ անիկա Լիբանանի մէջ համախմբեց աշխարհի ախոյեանները, որոնք բաւական մեծ բարձրութենէ ցատկելով սուզումի սքանչելի ելոյթներ ունեցան:
«Կը շնորհաւորենք մրցանակակիրները, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչները, որոնք անոր ընդմէջէն Լիբանանի անունը բարձր պահեցին միջազգային հանրութեան մօտ»: