Քոլոմպիայի յառաջապահ Խամես Ռոտրիկեզով մօտէն հետաքրքրուած կը թուին ըլլալ Նափոլի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ:
Այնպէս կը թուի, որ անոր ակումբը` Ռէալ Մատրիտ, համաձայն է ծախելու իր ֆութպոլիստը:
Սպանական մամուլը կը տեղեկացնէ, որ Ռէալ Մատրիտ անոր համար կը պահանջէ 42 միլիոն եւրօ, սակայն եթէ պատահի, որ ան միանայ Աթլեթիքօ Մատրիտին, անոր փոխանցման արժէքը պիտի կազմէ 50 միլիոն եւրօ: