Պարսելոնա Նէյմարը Ձեռք Ձգելու Համար Կ՛առաջարկէ 40 Միլիոն Եւրօ Եւ 2 Ֆութպոլիստ
Սպանական մամուլին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնա ակումբը իր նախկին ֆութպոլիստը` Նէյմարը ձեռք ձգելու համար, անոր ակումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենին կ՛առաջարկէ 40 միլիոն եւրօ եւ 2 ֆութպոլիստ:
Եթէ ֆրանսական խումբը համաձայն գտնուի այս առաջարկին, Պարսելոնա Սեն Ժերմենին պիտի տայ նաեւ Ֆելիփէ Քութինիոյի եւ Ուսման Տեմպելէի ստորագրութիւնները:
Փարիզեան ակումբը այդ առաջարկը գտած է ծիծաղելի եւ, ըստ ոչ հաստատ լուրերու, մերժած է զայն` նշելով, որ Նէյմարի ստորագրութեան համար կը պահանջէ 300 միլիոն եւրօ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական