Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Պորուսիա Տորթմունտի յետսապահ Ապտու Տիալօ միացաւ իրենց կազմին:
23 տարեկան ֆութպոլիստը, որ մինչեւ 30 յունիս 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ֆրանսական ակումբին հետ, պիտի կրէ թիւ 22 մարզաշապիկը:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, մայրաքաղաքի կազմը անոր փոխանցման համար վճարեց 32 միլիոն եւրօ:
Նախորդ տարեշրջանին ան Տորթմունտի հետ կատարեց 28 մրցում:



