Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻԱ, իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտարարեց, որ նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ կրան փրիին («Սիլվըրսթոն»-ի վազքուղի) «փիթ-սթափ»-ի նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ «Ռետ-Պուլ»-ի խումբին կողմէ:
Արդարեւ, 12-րդ լեփին վերոնշեալ խումբի ֆրանսացի վարորդ Փիեռ Քէյզլի «փիթ-սթափ» մտաւ, ամէնէն արագը (1″ 91), ինչ որ նկատուեցաւ նոր մրցանիշ մը:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր «Ուիլիըմս» խումբին, որ հաստատուած էր 2016-ին (1″ 92):