Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 16, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի 2018-2019 տարեշրջանի մրցաշարքերը եւ տեղական ու շրջանային մրցումները աւարտած են արդէն իսկ: Այս տարեշրջանին ալ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Անթիլիասի աղջկանց խումբը իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերաւ այս բոլոր աշխատանքներուն եւ պատուաւոր արդիւնքներով աւարտեց եղանակը:

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի վարչութիւնը կը գտնուի պասքեթպոլի 2019-2020 տարեշրջանի սեմին, յանձնախումբ մը գործի լծած է արդէն իսկ եւ պատրաստութեան սկսած նոր ծրագիրներով ու թափով: Այս բոլորին հետագային կ՛անդրադառնանք մամուլով կամ ընկերային ցանցերու միջոցով:

Այս զոյգ առիթներուն մասնաճիւղի վարչութիւնը յարմար կը տեսնէ հետեւեալ լուսաբանութիւնները տալ եւ ճշգրիտ յստակացումները ընել աղջկանց խումբին, շրջանաւարտ յանձնախումբին եւ նիւթաբարոյական օժանդակութիւն ցուցաբերած անհատներուն հաշուոյն.

2015 յունիսին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի վարչութիւնը անկիւնադարձային որոշում տալու հարկադրանքին առջեւ էր, թէ՛ նիւթական ծանր բեռին եւ թէ՛ խումբին քաջալերելի արդիւնքներու բացակայութեան պատճառով: Հետեւաբար, բարելաւելու համար մասնաճիւղի ներքին գործելաձեւը եւ երկար տարիներու կուտակումներուն լուծում գտնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ լսելէ ետք գերադաս մարմինի առաջարկը եւ փորձառու պատասխանատուներու կարծիքը, մասնաճիւղի վարչութիւնը որոշեց յառաջացնել պասքեթպոլի առանձին յանձնախումբ մը, որ կարողանայ գոհացնել գալիք նիւթական պէտքերը, ապահովէ Լիբանանի ախոյեանութեան երկար սպասուած տիտղոսը, ինչպէս նաեւ նորեկ ՀՄԸՄ-ական մարզիկուհիներ պատրաստէ խումբին մէջ: Այս բոլորը պիտի ըլլային ծրագրուած 3-4 տարիներու բծախնդիր աշխատանք մը, որ յաջողութեան պարագային գոհունակութիւն պիտի պատճառէր մասնաւորաբար միութենական եւ մարզասէր ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք կը հաւատան կամաւոր աշխատանքին, յանձնախմբային դրութեան եւ ծրագրուած աշխատանքին:

Պասքեթպոլի յանձնախումբը գործի լծուեցաւ օգոստոս 2015-ին կամաւոր 7 անդամներով` ատենապետութեամբ մասնաճիւղի աշխուժ անդամներէն քոյր Թալին Խաչատուրեանին: 2019 յուլիսին, քառամեայ ծրագրաւորուած աշխատանքին եւ քոյր Թալին Խաչատուրեանին գլխաւորած աշխատանքին շնորհիւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Անթիլիասի Ա. դասակարգի աղջկանց խումբը արձանագրեց հետեւեալ արդիւնքները.

1.- Լիբանանի ախոյեան, 3 տարեշրջան
2.- Արաբական ակումբներու ախոյեան, 2 տարեշրջան
3.- Լիբանանի բաժակակիր
4.- Լիբանանի գերբաժակակիր
5.- Արեւմտեան Ասիոյ ակումբներու ախոյեան:

Պասքեթպոլի աշխատանքը տարուած է ՀՄԸՄ-ականի վայել բծախնդրութեամբ, զոհողութեամբ եւ խմբային աշխատանքին վստահելով:

Տարուած է հսկայական աշխատանք կամաւոր, անվերապահ եւ երկարաշունչ ձեւով: Վստահաբար եղած են բացթողումներ կամ վրիպումներ, որոնք միութենական կեանքին մէջ կը պատահին, բայց կարելիի սահմաններուն մէջ օրը-օրին սրբագրուած են: Խումբին յաղթանակները խտացուցին համակիրներու շարքերը, ստեղծեցին ՀՄԸՄ-ի համակիրներու նոր ալիք մը եւ նպաստեցին շրջանին ու երկրին մէջ պասքեթպոլի միջոցով նաեւ ՀՄԸՄ-ի յաւելեալ յիշատակուելուն եւ ներկայութեան, թէ՛ մամուլին եւ թէ՛ ընկերային ցանցերուն մէջ: Նաեւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին մէջ գործող մասնաճիւղի պասքեթպոլի ակադեմիային` դպրոցին մարզիկներուն թիւը աւելցաւ, եւ նոր դէմքեր արդէն կը յաճախեն ակումբ: Աւելի՛ն. զուտ մարզական յաջողութիւններէն անդին յանձնախումբը եւ յաճախ քոյր Խաչատուրեանը անձամբ ամէն տարի հաւասարակշռեցին խումբին բոլոր ծախսերը, բան մը, որ նախապէս վարչութիւնները կը ծանրաբեռնէր եւ կուտակումներու պատճառ կ՛ըլլար:

Պէտք է յիշենք, որ պասքեթպոլի այս տարեշրջանին ալ քոյր Թալին Խաչատուրեան շատ սերտ գործակցութիւն ունեցաւ վարչութեան հետ, եւ արդիւնքները շատ լաւ էին. խումբը ապահովեց չորս տիտղոսներ:

Առ այդ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը յարմար կը տեսնէ բարձր գնահատել քոյր Թալին Խաչատուրեանին բարոյական, մասնագիտական եւ նիւթական քառամեայ ներդրումը ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի շրջանին, պասքեթպոլի աղջկանց խումբին եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի համակիրներուն ու մեծ ընտանիքին: Վարձքդ կատա՛ր, քոյր Թալին Խաչատուրեան: Վստահ ենք, որ ապագային նաեւ ձեր ուղղակի կամ անուղղակի օժանդակութիւնը պիտի բերէք: Ինչպէս նաեւ վստահ ենք, որ ստեղծուած խանդավառութիւնը երիտասարդութիւնը մօտ պիտի պահէ եւ աւելի կապէ մեր մասնաճիւղին, շրջանի ակումբին եւ մեր շատ սիրելի միութեան:

Եւ վերջապէս, կը խոստանանք մեր մարզասէր համակիրներուն եւ կը վստահեցնենք մեր սիրելի միութենականներուն, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը ներկայ պայմաններուն մէջ նոր գործելաձեւի ծրագրման մէջ է եւ ամէն ճիգ ի գործ դրած է, որ գալիք տարեշրջանին աղջկանց խումբը մասնակցի ֆետերասիոնի մրցաշարքերուն եւ պատուաբեր արդիւնքներով պսակէ տարեշրջանը` միշտ մնալով ՀՄԸՄ-ի սկզբունքներուն պաշտպան եւ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ին հաւատարիմ:

ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

15 յուլիս 2019

Նախորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Պարգեւատրեց Նիքիթա Սիմոնեանը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (16 Յուլիս 2019)

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5 Կոլ Նշանակեց…
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կ՛որոշուի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մրցակիցը

Յուլիս 9, 2025
Հեծելարշաւ.  Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր

Յուլիս 9, 2025
Ըմբշամարտ.  Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ըմբշամարտ. Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?