Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար` Գէորգ Լոռեցեան յայտնեց, որ այս տարի Չարենցաւանի եւ Էջմիածինի մէջ պիտի բացուին մարզադպրոցներ:
Երկու մարզադաշտերուն մէջ ալ ստեղծուած են բոլոր պայմանները ո՛չ միայն բարձր մակարդակի փորձեր կատարելու, այլ նաեւ հանրապետական նշանակութեան մարզական միջոցառումներ կազմակերպելու համար:
Նշուեցաւ նաեւ, որ ընթացքի մէջ են Արթուր Ալեքսանեանի անուան ըմբշամարտի մարզադպրոցի կառուցման նախագիծին շուրջ աշխատանքները, որոնց վերջնական արդիւնքները ի յայտ կու գան այս ամիս: