Մարզական

Կայել Անտոնեան Միացաւ Աժաքսիօ Խումբին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կայել Անտոնեան տեղափոխուեցաւ ֆրանսական Աժաքսիօ խումբ, ուր արդէն իսկ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէր: Մինչ այդ, 24 տարեկան ֆութպոլիստը ունէր ազատ մարզիկի կարգավիճակ: Աժաքսիօ մաս կը կազմէ Ֆրանսայի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան: Խումբը նախորդ տարեշրջանին ապահովելով 40 կէտ, գրաւեց դասաւորման 17-րդ դիրքը:  

Եուվենթուս Պատրաստ Է Փոկպան Փոխանակել 3 Ֆութպոլիստներու Հետ

Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Փոլ Փոկպայով կը շարունակէ իր հետաքրքրութիւնը ցուցաբերել Եուվենթուս: Իտալական մամուլին համաձայն, իտալացիները պատրաստ են 26 տարեկան ֆրանսացին իրենց կազմին միացնելու համար հակառակ կողմին տալ յետսապահ Ժոաօ Քանսելը եւ միջնապահներ Փլեզ Մաթուիթին եւ Տուկլաս Քոսթան: Նախապէս կը յայտարարուէր, թէ Մանչեսթըր Եունայթըտ Փոկպային համար կը պահանջէ` 200 միլիոն եւրօ, որպէսզի որեւէ ակումբ չփորձէ ձեռք ձգել անոր ստորագրութիւնը:  

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն-2019»-ը Մրցանշային Մրցանակային Ֆոնտ Պիտի Ունենայ

Միացեալ Նահանգներու թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Եու. Էս. Օփըն»-ի կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ այս տարի մրցաշարքին մրցանակային գումարը զգալիօրէն պիտի աւելնայ: 2019 տարեշրջանի այս չորրորդ կրան շլեմի մրցաշարքին ընդհանուր մրցանակային գումարը պիտի կազմէ 57 միլիոն ամերիկեան տոլար: Տղոց եւ աղջկանց տիտղոսակիրները պիտի ստանան 3,85 միլիոն ամերիկեան տոլար (իւրաքանչիւրը), ինչ որ 50 հազար ամերիկեան տոլարով աւելի է նախորդ տարուան գումարէն: Այն մարզիկները, որոնք...

Վալտես Վերադարձաւ Պարսելոնա

Պարսելոնայի նախկին բերդապահ Վիքթոր Վալտես նշանակուեցաւ ակումբի 19 տարեկանէն վար խումբի գլխաւոր մարզիչ: Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2020: Շատ հաւանաբար կարելի ըլլայ զայն երկարաձգել տարիով մը: Ան ամիս մը առաջ մարզիչի «Փրօ» կարգի արտօնագիր ստացած էր: Ան նախքան իր այս պաշտօնը ստանձնելը մարզիչն էր Մորաթալաս պատանեկան խումբին, որ մատրիտեան արուարձանի իր ենթախումբին ախոյեանը հանդիսացաւ:  

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» «Սփիտ-Թեսթ»-Ի 4-րդ Հանգրուանին Յաղթականը` Ռոժէ Ֆըղալի

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, Մըզար մոթոր փարք վազքուղիին վրայ (Քֆարզեպիան) տեղի ունեցաւ Լիբանանի «սփիտ-թեսթ»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 55 ինքնաշարժներու, որոնք մասնակցեցան տարբեր դասակարգերու այս մրցումին: Արհեստավարժ մասնակցողներուն մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Ռոժէ Ֆըղալի («Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-6»), որ արձանագրեց 1' 37" 27 արդիւնք մը: «Սուփըր-Սերիզ»-ի մրցումին առաջին հանդիսացաւ Զաւիէ Մասաատ: «Ար. Սի.-3»-ի մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Ալեքս Ֆըղալի, իսկ աղջկանց...

Մասնակցութեամբ` 107 Երկսեռ Զոյգերու. Շաբաթավերջին Կը Սկսի Լիբանանի Պիչ-Վոլիպոլի Ախոյեանութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին, ուրբաթ, 19 յուլիսէն շաբաթ, 27 յուլիս, տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի պիչ-վոլիպոլի տղոց եւ աղջկանց տարիքային ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 107 երկսեռ զոյգերու (77 տղոց եւ 30 աղջկանց խումբեր): Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Պի. Վի. Էս.»-ի դաշտերուն վրայ (Պաթրուն), մինչ աւարտական հանգրուանի մրցումները` «Նեժի Պիչ»-ի դաշտերուն վրայ (Պահսաս): Իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ֆետերասիոնը յայտնեց, որ պիտի կիրարկուին այն բոլոր...

Կիրակի, 4 Օգոստոսին. Նապտա Միութիւնը Կը Կատարէ Իր 10-րդ Վազքի Մրցումը

Հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին եւ զօրակցութեամբ Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութեան ու Ֆաքրա ակումբին, Նապտա միութիւնը կիրակի, 4 օգոստոսին կը կազմակերպէ իր 10-րդ վազքի մրցումը Ֆաքրա շրջանին մէջ: Անիկա կը սկսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Յայտարարուեցաւ, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է շաբաթ, 3 օգոստոս, երեկոյեան ժամը 22:00-ը: Անոր ամբողջ եկամուտը պիտի յատկացուի բարեգործական նպատակներու, ինչպէս նաեւ քաղցկեղէ տառապող մանուկներու: Արձանագրութեան...

Նունօ Կոմեշ` Ծիծեռնակաբերդէն. «Այսպիսի Ոճրագործութիւն Պէտք Չէ Կրկնուի»

Ինչպէս ծանօթ է, Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 19 տարեկանէն վար մրցաշարքին աւարտական հանգրուանը: Փորթուգալը ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Նունօ Կոմեշ Հայաստանի մէջ ըլլալով այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղեց անմար կրակին մօտ: Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով ան ըսաւ. «Հայաստան կը գտնուիմ ընկերոջս հրաւէրով: Ուրախ եմ, որ անգամ մը եւս այցելած եմ Հայաստան եւ շատ շնորհակալ եմ ջերմ...

«Եւրոպայի Լիկա». Ալաշկերտ Յաղթահարեց Մակեդոնիոյ Արգելքը. Փիւնիկ Եւս Անցաւ Յաջորդ Հանգրուան

Հայաստանի ֆութպոլի բաժակակիր Ալաշկերտ Երեւան երէկ երեկոյեան յաջողեցաւ ապահովել «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի իր տոմսը: Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած խումբը զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումին եւս յաղթեց Մակեդոնիոյ: Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ Ալաշկերտ յաղթեց 3-0 արդիւնքով. երթ` 3-1, ի նպաստ հայկական կազմին: Ալաշկերտի երեք անպատասխան կոլերը նշանակեցին Ուրոս Նենատովիչ (21-րդ), Թիակօ Կալվաօ (68-րդ) եւ Տարոն Ոսկանեան (74-րդ): Ինչ...

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Արսենալ Մխիթարեանի Հետ Յաղթեց Պայէրն Միւնիխին

Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, լոնտոնեան Արսենալը 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխի դէմ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 64-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Բարեկամական այս մրցումը կ՛իյնայ «Ինթըրնեշընըլ Չեմփիընզ Քափ» մրցաշարքին ծիրին մէջ:

Նէյմարի Հայրը Եուվենթուսի Հետ Բանակցելու Նպատակով Մեկնեցաւ Թորինօ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմարի հայրը մեկնեցաւ Թորինօ, որպէսզի բանակցի Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի թեքնիք տնօրէն Ֆապիօ Փարաթիչիի հետ: Նէյմարի հայրը իր զաւկին գործակատարն է: Ան աշխատանք կը տանի, որ իր զաւակը այլ կազմի մը միանայ, հակառակ անոր որ մայրաքաղաքի կազմին հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2022-ին:  

Եուվենթուս 5 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց Մաթիս Տը Լիկթի Հետ

Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուս երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր կազմին միացուց Այաքս Ամսթերտամի յետսապահ Մաթիս տը Լիկթը: 19 տարեկան հոլանտացի ֆութպոլիստը, որ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Եուվէի հետ, տարեկան պիտի գանձէ 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Անոր փոխանցման արժէքը կազմեց 75 միլիոն եւրօ: Յառաջիկային կրնայ պատահիլ, որ ան ստանայ 10,5 միլիոն եւրօ յաւելավճար: Ան նախորդ տարեշրջանին 55 մրցումի ընթացքին նշանակեց 7...

Ռէալ Մատրիտ Պատրաստ Է 80 Միլիոն Եւրոյով Ծախելու Իսքոն

Սպանական «ԱՍ» մարզական օրաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ պատրաստ է այս ամառ ծախելու իր 27 տարեկան միջնապահ Իսքոն, եթէ անոր համար կարենայ գանձել 80 միլիոն եւրօ: Եթէ պատահի, որ սպանացին հեռանայ, շատ հաւանական է, որ արքայական խումբ վերադառնայ քոլոմպիացի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզ, որ վերջին երկու տարեշրջաններուն փոխ տրուած էր Պայէրն Միւնիխին: Ռէալ Մատրիտի հետ Իսքոյի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2021-ին:

Իրանցի Կիներուն Թոյլ Պիտի Տրուի Ներկայ Գտնուիլ 2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցումներուն

Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ համաձայն գտնուեցաւ, որ 2022-ի մոնտիալի զտումի մրցումներուն կիները ներկայ գտնուին մարզադաշտին թրիպիւններուն վրայ: Այս լուրը հաղորդեց ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքը` աւելցնելով, որ այս մասին Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մեհտի Տաջի տեղեակ պահած է ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյին` իր ուղղած պաշտօնական նամակին ընդմէջէն: Սակայն որոշումը ուժի մէջ մտնելու համար անհրաժեշտ է Իրանի կառավարութեան հաւանութիւնը: Իրանի մէջ կիներուն եւ...

Կուարտիոլա Իր Կազմին Մէջ Կ՛ուզէ Տեսնել Տենի Ալվեսը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա իր կազմին մէջ կ՛ուզէ տեսնել Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի 36 տարեկան յետսապահ Տենի Ալվեսը` նկատի ունենալով որ ան նախապէս աշխատած է ֆութպոլիստին հետ, երբ անոնք մաս կը կազմէին Պարսելոնային: Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենէն հեռանալէն ետք, Ալվես ունի ազատ մարզիկի կարգավիճակ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած խումբին:

Զուիցերիա Կատարած Իր Այցելութեան Ընթացքին. Վաչէ Ծատուրեան Հանդիպում Ունեցաւ Հեծելարշաւի Միջազգային Ֆետերասիոնին Անդամներուն Հետ

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան մեկնեցաւ Զուիցերիա եւ հոն հանդիպում ունեցաւ Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին անդամներուն հետ` վերոնշեալ կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ: Ծատուրեան տեսակցեցաւ Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահի Տաւիտ Լափարթիենի, «Մաութըն Պայք»-ի յանձնախումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ տարբեր պատասխանատուներու, ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու հսկող անձնաւորութիւններու հետ: Ան մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուց Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի 25-րդ ախոյեանութեան վերջին պատրաստութիւններուն գծով` յայտնելով, որ Լիբանան կազմ ու...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Ակումբներու Ախոյեանութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկիզբ առին Լիբանանի Ա. դասակարգի տղոց եւ աղջկանց ակումբներու ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 12 խումբերու: Տեղի ունեցան աւելի քան երեսուն մրցումներ: Տղոց ախոյեանութեան մասնակցող ՀՄԸՄ Պէյրութ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Լիուա Սայտայի դէմ, ինչպէս նաեւ այլ յաղթանակ մը` Ռիատի Պէյրութի դէմ (3-0), ապա կրեց պարտութիւն մը` Ժընուպ Թուլէն (3-0):...

Վեթերաններու Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Ռասինկ – Ահլի Սարպա Աւարտական` 24 Յուլիսին

Վեթերաններու Ֆութպոլի Մրցաշարք. Ռասինկ – Ահլի Սարպա Աւարտական` 24 Յուլիսին

Հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, «Ֆուատ Շեհապ» վեթերաններու ֆութպոլի մրցաշարքը արդէն իսկ հասած է իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ մնացած է միայն աւարտական ճակատումը, ուր իրարու դէմ պիտի մրցին Ռասինկ եւ Ահլի Սարպա: Աւարտական այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 24 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, նախորդ բոլոր մրցումներուն նման, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ: Կիսաւարտականին Ռասինկ յաղթեց Անսարին (4-3), իսկ Ահլի...

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

Պատրաստուելու համար Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին, կարգ մը խումբեր կը մնան բաւական աշխուժ եւ իրենց կազմը կ՛օժտեն նորեկ ֆութպոլիստներով: ՇԱՊԱՊ ՊԸՐԺ, որ նախորդ տարեշրջանի աւարտին բարձրացաւ Ա. դասակարգ, իր կազմին միացուց ճափոնցի 28 տարեկան միջնապահ-յառաջապահ Շութարու Հաթուրին: Խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքին` իրեն մրցակից ունենալով Սաֆան եւ Թրիփոլին: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ...

31 Յուլիսին` «ԿԱԿ» Համախմբումին Մամլոյ Ասուլիսը

Ապրին - Պաթրուն շրջանի ԿԱԿ համախմբումը չորեքշաբթի, 31 յուլիսին, պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ իր կազմակերպելիք ամառնային խաղերուն մասին, որոնք տեղի կ՛ունենան 22-րդ տարին ըլլալով: Մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ համախմբումին պատուոյ նախագահին` Ժորժ Շահինի բնակարանին մէջ: Տեղի պիտի ունենան մրցումներ տարբեր մարզաձեւերու մէջ, որոնց կարգին` փինկ փոնկ, հեծելարշաւ, թիավարութիւն, վազքի մրցում, աթլեթիզմ եւ այլն: Մամլոյ...

Page 679 of 1279 1 … 678 679 680 … 1,279

Արխիւներ