Նախորդ շաբաթավերջին թենիսի Ուիմպըլտընի աղջկանց կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած Սիմոնա Հալեփ պիտի պարգեւատրուի Ռումանիոյ բարձրագոյն պետական պարգեւով, երէկ յայտնեց ռումանական մամուլը:
«Ռումանիոյ նախագահը որոշեց Ուիմպըլտընին գերազանց արդիւնքներ արձանագրած Սիմոնա Հալեփը պարգեւատրել երկրի բարձրագոյն պարգեւով` աստղի շքանշանով», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ Ռումանիա իր վերադարձով, Պուքրեշի օդակայանին մէջ 23 տարեկան Հալեփ արժանացաւ շատ մեծ եւ ջերմ ընդունելութեան: