Անտորրայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար դասակարգի ախոյեանութեան մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին:
Հայրենի խումբը, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին, Մոլտովայի դէմ իր կատարած վերջին` 5-9-րդ դիրքի մրցումին, 91-60 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ գրաւեց դասաւորման նախավերջին դիրքը:



