Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ ակումբը երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իր կնքած պայմանագրութիւնը խզած է յետսապահ Հրայր Մկոյեանի հետ:
Կողմերը կ՛ուզէին շարունակել իրենց համագործակցութիւնը, սակայն 32 տարեկան ֆութպոլիստը ընտանեկան պատճառներով փափաք յայտնեց վերադառնալ իր հայրենի քաղաքին խումբը` Շիրակ:
Ան շուրջ 20 մրցում կատարեց Ալաշկերտի հետ` նշանակելով կոլ մը եւ կատարելով մէկ էսիսթ:



