Նախորդ շաբաթավերջին «Նեժի Պիչ»-ի դաշտերուն վրայ իր աւարտին հասաւ Արեւմտեան Ասիոյ վոլիպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ ԱԼՖԱ ընկերութեան:

Աւարտական մրցումին Օման, 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լիբանանին, հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Սէուտական Արաբիա 3-րդ դիրքի մրցումին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Քուէյթին:
Այսպիսով, Օման, որ հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան, ապահովեց յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան իր տոմսը, մինչ Լիբանան պիտի մասնակցի Ասիոյ ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն Բ. հանգրուանին:
Աւարտականի մրցումին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա եւ այլ անդամներ:


