Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Թալայեհ Ժատրա ակումբին յաղթանակով աւարտեցաւ Շուֆի շրջանին մէջ տեղի ունեցած գիւղական խումբերու պասքեթպոլի մրցաշարքը:
Անիկա աւարտականին 72-54 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Անմաա Տամուր խումբին դէմ:
Այս մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Յատուկ մրցանակներ ստացան նաեւ այլ մարզիկներ, մարզիչներ եւ խումբեր:




