
Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի վնասուածք ստացաւ, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Աջ ոտքի մկանային վնասուածք մը ստացած Մեսսի պիտի չըլլայ իր կազմին հետ որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հաւաք մը պիտի կատարէ:
Անոր ապաքինման ժամկէտին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չհաղորդուեցան:
7-10 օգոստոսին Պարսելոնա Միացեալ Նահանգներու մէջ բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ:


