Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ըմբշամարտի «փոլընտ-օփըն» մրցաշարքին, 87 քկ դասակարգի մրցումներուն տիտղոսակիր դարձաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Շահինեան, որ զուտ հայկական աւարտականին իր յաղթանակը արձանագրեց Մաքսիմ Մանուկեանի դէմ:
Իսկ 60 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի համար պրոնզ մետալ մը ապահովեց Գէորգ Ղարիբեան:
Հայաստանի համար առաջին ոսկի մետալը ապահոված էր Մալխաս Ամոյեան (72 քկ):



