Երէկ գիշեր Պէյրութի միջազգային օդակայանէն, Հայաստան մեկնեցաւ ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 6-17 օգոստոսին տեղի ունենալիք Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութեան մէկ մասը հայրենիք մեկնեցաւ կիրակի, 4 օգոստոսին, մինչ միւս մասը Լիբանանէն կը մեկնի այսօր` երեքշաբթի:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն` յուսալով, որ հոն անոնք բարձր կը պահեն Լիբանանի անունը եւ կ՛արձանագրեն բացառիկ արդիւնքներ: