Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղեր. «Մեծ Յոյսով Ենք, Որ Տպաւորիչ Արդիւնքներով Կը Վերադառնանք Հայաստանէն, Մանաւանդ` Անհատական Մրցումներուն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Վահան Համամճեան

August 5, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը Վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Ինչպէս ծանօթ է, 6-17 օգոստոսին տեղի կ՛ունենան Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Մասնակցող երկիրներուն կարգին պիտի ըլլայ նաեւ Լիբանան, որ բաւական զօրաւոր կազմով մը կը մեկնի Հայաստան:

Մեր ընթերցողներուն յաւելեալ լուսաբանութիւն տալու նպատակով, «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ հայրենիք մեկնող լիբանանեան պատուիրակութեան (Պէյրութի, Պուրճ Համուտի եւ Անթիլիասի միացեալ կազմերու) նախագահ` Վահան Համամճեանի հետ, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց որոշ մանրամասնութիւններ:

Ստորեւ` հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«ԱԶԴԱԿ».- Արդեօք կարելի՞ է որոշ տեղեկութիւններ տալ այս խաղերուն մասին, անոնք քանի՞ տեսակի մարզախաղեր կ՛ընդգրկեն, որքա՞ն են անոնց մասնակցող մարզիկները եւ քանի՞ երկիրներէ:

ՎԱՀԱՆ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ.- Նախ եւ առաջ նշեմ, որ 2019-ի համահայկական այս 7-րդ խաղերը պիտի ըլլան իւրայատուկ, որովհետեւ եթէ նախորդ վեցը տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ, այս տարի, 6-17 օգոստոսին տեղի ունենալիք Համահայկական 7-րդ խաղերը առաջին անգամ ըլլալով պիտի սկսին Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն:

Բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ, ժամը 21:00-ին` Արցախի ժամանակացոյցով:

Առաջին երկու օրուան խաղերուն Ստեփանակերտի մէջ կայացումէն ետք, մրցումները պիտի շարունակուին Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:

Համահայկական Ա. խաղերը տեղի ունեցան 1999-ին, իսկ 6-րդը` 2015-ին:

Վերջինիս մասնակցող մարզիկներուն թիւը եղաւ 6352, ինչ որ ամէնէն շատն է:

Սակայն կու գամ վստահեցնելու, որ այս տարի մարզիկներու մասնակցութեան թիւի իմաստով նոր մրցանիշ մը պիտի հաստատուի:

«Լիբանան այս խաղերուն կը մասնակցի շուրջ 200 երկսեռ մարզիկներով. ՀՄԸՄ` 114, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւն` 48, ՀՄՄ` 38:

«Ա.».- Իսկ ինչ կը վերաբերի մարզախաղերուն, անոնց թիւը որքա՞ն պիտի ըլլայ:

Վ. Հ.- Այս խաղերուն պիտի ըլլան 17 տեսակի մարզաձեւեր, բայց Լիբանան պիտի մասնակցի միայն 9 մարզաձեւերու, որոնք հետեւեալներն են. ֆութպոլ, պասքեթպոլ, ֆութսալ, աթլեթիզմ, փինկ փոնկ, թենիս, լողարշաւ, ճատրակ եւ հեծելարշաւ:

Նշենք, որ պասքեթպոլի պարագային Լիբանան պիտի ունենայ չորս խումբ (3 տղաք, 1 աղջիկներ), ֆութպոլի պարագային ունինք մէկ խումբ, մինչ ֆութսալի պարագային` 3 խումբ:

Մնացեալները գրեթէ կարելի է սեպել անհատական մարզախաղեր, որոնք խումբերու վրայ հիմնուած չեն:

«Ա.».- Եթէ կ՛ուզենք իմանալ, թէ ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն ընտրութիւնը, այդ մասին ի՞նչ ունիք ըսելիք:

Վ. Հ.- Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ կազմեց իր անուանացանկը եւ զայն ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան`սկսելով ՀՄԸՄ Պէյրութէն, անցնելով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս:

«Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը ունի տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլի, փինկ փոնկի, ֆութսալի մարզիկներ, Պէյրութը` ֆութպոլի եւ փինկ փոնկի, Անթիլիասը` պասքեթպոլի, եւ այս հետեւողութեամբ կազմուեցան ՀՄԸՄ-ի խումբերը` Լիբանանի մնացեալ խումբերուն նման:

«Ա.».- Արդեօք որեւէ տեսակի օժանդակութիւն տրամադրուեցա՞ւ ՀՄԸՄ-ի խումբերուն, կամ հովանաւորներ գտնուեցա՞ն:

Վ. Հ.- Թէեւ հովանաւորներ գտանք, սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն ամբողջ բեռը իր ուսերուն վրայ վերցուց, բառին բուն իմաստով, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, կատարելով բոլոր աշխատանքները:

Երկրորդ, մեր շնորհակալութեան յատուկ խօսքը կ՛ուղղենք Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ ամէն ուղղութեամբ աշխատեցաւ եւ ոչ մէկ ճիգ խնայեց տարբեր ձեւերով օգտակար դառնալու մեր աշխատանքներուն:

«Այստեղ պէտք է նշել նաեւ, որ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Ասլանեան ներկայ պիտի ըլլայ բացման հանդիսութեան` այս ձեւով զօրավիգ կանգնելու համար ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն:

Իսկ Հայաստանի մէջ մեր աշխատանքը մանաւանդ պասքեթպոլի մէջ մեծապէս դիւրացուց Շանթ Թորիկեան:

«Ա.».- Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի խումբերուն մարզիչներուն, որո՞նք են անոնք:

Վ. Հ.- Ֆութպոլի մարզիչն է` Վաչէ Սարգիսեան, աթլեթիզմի մարզիչները` Գեղեցիկ Ասատուրեան եւ Հրայր Տիսչեքենեան, աղջկանց պասքեթպոլի մարզիչը` Սեւակ Քեթենճեան, տղոց պասքեթպոլի մարզիչը` Հրայր Տիսչեքենեան, իսկ փինկ փոնկի մարզիչը` Նոել Քէշիշեան:

Վերոնշեալներէն բացի, կը գտնուին նաեւ այլ պատասխանատուներ, որոնք պիտի օժանդակեն մարզիչներուն` իրենց ունեցած փորձառութիւնը դնելով անոնց տրամադրութեան տակ: Անուններ չեմ ուզեր նշել, որպէսզի որեւէ մէկուն անունը չմոռցուի:

«Ա.».- Լիբանանեան պատուիրակութիւնը ի՞նչ ձեւով պիտի մեկնի:

Վ. Հ.- ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը երկուշաբթի, 5 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն պիտի մեկնի Երեւան, եւ հոնկէ ուղղակի` Ստեփանակերտ:

Մեր բոլորին համար Արցախի մէջ գտնուիլը` Համահայկական խաղերուն բացումին, մեծ նշանակութիւն ունի:

ՀՄԸՄ-ը, իր բոլոր մասնաճիւղերով, երկու օր պիտի մնայ Ստեփանակերտի մէջ, որմէ ետք է, որ իր իջեւանած վայրէն, պիտի ուղեւորուի Երեւան` մրցումները շարունակելու համար:

Իսկ փակման հանդիսութեան` 17 օգոստոսին, Երեւանի հանրապետութեան հրապարակին վրայ անկասկած պիտի տիրէ տօնական սքանչելի մթնոլորտ:

«Ա.».- Վերջին բաժինով, արդեօք ուրիշ ըսելիք ունի՞ք:

Վ. Հ.- Նախ շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ին` այս հարցազրոյցին համար:

Համահայկական այս խաղերուն, ինչ ալ ըլլան արդիւնքները, յաղթական են բոլորը:

Բայց եւ այնպէս, մենք մեծ յոյսով ենք, որ տպաւորիչ արդիւնքներով պիտի վերադառնանք Հայաստանէն, մանաւանդ` անհատական մրցումներուն»:

 

Նախորդը

Արեւմտեան Ասիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Լիբանան Պաղեստին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (5 Օգոստոս 2019)

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.