Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի «Փոլընտ-օփըն» մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի մեծերու հաւաքականին մէջ իր նորամուտը նշած Մալխաս Ամոյեան, 72 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ ոսկիէ մետալի` աւարտականին 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Մաքսիմ Եւթուշենքոյի դէմ (Ուքրանիա):
Կիսաւարտականին ան իր յաղթանակը արձանագրեց թուրք Ահմետ Եըլմազի դէմ` 9-0 արդիւնքով:



