«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն քանի մը օր առաջ անցեալ տարեշրջանին իր կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2024-2025-ի մրցանակները հաստատեց 466 միլիոն տոլար յաւելեալ նիւթական նպաստներով Եւրոպայի լաւագոյն խումբերուն:
Յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ժողովի նախօրեակին, Եւրոպայի երկիրներու պատասխանատու մարմնի տնտեսական յանձնախումբի տեղեկագրութիւնը յայտնեց այս թիւերը:
Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ շահած էր տիտղոսը, 168 միլիոն ամ. տալոր ստացաւ, մինչ փոխախոյեան Ինթեր Միլան 159 միլիոն ամ. տոլար ստացաւ, յատկացուած` 2,9 միլիառ տոլարի մրցանակներէն:
36 խումբերը, որոնք նաեւ մասնակցեցան առաջին 8 մրցումներուն, որոնք վճռեցին ընդհանուր դասաւորումը, նաք-աութի հանգրուանէն առաջ:
Եօթը խումբեր առնուազն 116,5 միլիոն ամ. տոլար ստացան, բաղդատմամբ նախկին տարեշրջանի միայն 5 խումբերուն, որոնք 100 միլիոն տոլարէ վեր ստացած էին, երբ տրամադրուած ընդհանուր գումարը 2,42 միլիառ տոլար էր:
Ասթոն Վիլա քառորդ աւարտական հասած միակ խումբն էր, որ 100-էն նուազ` 97,5 միլիոն տոլար ստացաւ, մասամբ մը Վիլայի դասաւորման պատճառով` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ակումբներուն մէջ, նկատի ունենալով, որ Վիլա 41 տարի առաջ մասնակցած էր վերջին անգամ:


