Սպանիոյ «Քոփա Տել Ռէյ»-ի (բաժակի մրցաշարք) մրցումներու 1/8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Աթլեթիքօ Մատրիտ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Բ. դասակարգի Տեփորթիվօ Լա Քորունիայի դաշտէն:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Աթլեթիքօ Մատրիտի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն կոլ-սքորըր Անթուան Կրիզման` ազատ հարուածով:
Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած ակումբը հասաւ քառորդ աւարտական, ուր պիտի մրցի Ռասինկ Սանթանտեր – Պարսելոնա մրցումին յաղթականին դէմ:
Սպանիոյ Բ. դասակարգէն այլ խումբ մը` Քիւլթուրալ Լէոնեսա բուռն պայքար տարաւ Աթլեթիք Պիլպաօ ակումբին դէմ, որ պէտք ունեցաւ 120 վայրկեաններու` ձեռք ձգելու համար յաղթանակը:
Բ. դասակարգի խումբը միշտ ալ ինք կը նշանակէր առաջին կոլը, նախ շնորհիւ Իվան Քալերոյի (2) եւ ապա Ռոպեն Սոպրինոյի, որ 41-րդ վայրկեանին նշանակեց Քիւլթուրալի 3-րդ կոլը:
Կուրուզեթա 2 կոլ նշանակելէ ետք, Օյհան Սանսեթ փենալթիով կրցաւ հաւասարեցնել արդիւնքը առաջին կիսախաղին:
Այթոր Փարետես կարմիր քարտ ստացաւ 56-րդ վայրկեանին, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ մինչեւ երկարաձգում:
96-րդ վայրկեանին Բ. դասակարգի խումբը կոլ մը նշանակեց, բայց ՎԱՐ-ը չվաւերացուց զայն, եւ 104-րդ վայրկեանին միայն Ունայ Կոմես փենալթիով (մրցումի 3-րդը) նշանակեց Պիլպաոյի 4-րդ կոլը:
Ռէալ Սոսիետատ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Օսասունայի հետ, ապա փենալթիներով դուրս ձգեց զայն:
Օսասունա 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ մինչեւ 17-րդ վայրկեան: 75-րդ եւ 92-րդ վայրկեաններուն Թիւրիենթես եւ Զուպելտիա նշանակեցին Սոսիետատի 2 կոլերը: 107-րդ վայրկեանին Միքել Օյարսապալ փենալթի մը կորսնցուց, բայց վճռող փենալթիներուն Սոսիետատ 4-3 արդիւնքով կրցաւ յաղթել:
55-րդ վայրկեանին Արսէն Զախարեան դաշտ ներկայացաւ` փոխարինելով Անտեր Պարանեչան, եւ բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ: Սակայն Սոսիետատի 5-րդ փենալթին չկրցաւ կոլի վերածել Զախարեան:


