Երէկ, Մըզհերի մէջ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը չկրցաւ պարտութեան մատնել Անդրանիկը եւ 89-97 արդիւնքով պարտուեցաւ:
Մրցումին սկիզբէն երկու խումբերն ալ հեռուէն կէտեր նշանակելու կ՛աշխատէին, եւ Անդրանիկ սկիզբէն շատ աւելի լաւ էր, քան ՀՄԸՄ-ը, որմէ կը բացակայէր Ահմետ Իպրահիմ` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Անդրանիկ 20-23 արդիւնքով յառաջացաւ առաջին մասին, ուր շատ դիւրին կողովներ չկրցաւ նշանակել ՀՄԸՄ:
Բ. կիսախաղին պատկերը գրեթէ նոյնն էր, եւ Անդրանիկ աւելի եւս հեռացաւ` առաւելութիւնը հասցնելով 13 կէտի (39-52):
ՀՄԸՄ Բ. կիսախաղին շատ աւելի լաւ էր, բայց չկրցաւ Անդրանիկի սենթըր Մաժուր Մաժաքին վրայ աշխատիլ` ստիպելով զայն 5 ֆաուլեր կատարել: Այս մասին ՀՄԸՄ 29 կէտ նշանակեց եւ 5 կէտով մօտեցաւ Անդրանիկին, բայց վերջին մասին պզտիկ սխալներէ օգտուելով Անդրանիկ կրցաւ աւարտել մրցումը 89-97 արդիւնքով` առաջին անգամ ըլլալով վերջին 4 տարիներուն պարտութեան մատնելով ՀՄԸՄ-ը (Մըզհերի մէջ):
Մէկ բան պէտք է ըսել, որ խումբը պէտք է լուծումներ գտնէ, որովհետեւ յաջորդ մրցումը հինգշաբթի օր Անթունիէի դաշտին վրայ շատ դժուար կրնայ ըլլալ, եթէ նոյն ընթացքը շարունակուի:


