Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի վերջին տարիներու ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն երկուշաբթի գիշեր անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Ֆրանսայի բաժակի 1/16-րդ հանգրուանին, երբ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Փարիզ Ֆ. Ք. ակումբէն:
Փարիզ Ֆ. Ք., որ 8 օր առաջ 2-1 արդիւնքով պարտուած էր նոյն դաշտին վրայ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի տերպիի մրցումին, բնականաբար պաշտպանողական խաղ մը կիրարկեց աւելի զօրաւոր մրցակիցին դէմ, եւ 22 տարեկան բերդապահ Օպետ Էնքամպատիոյի հերոսութիւններուն շնորհիւ անառիկ պահեց իր բերդը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ճոնաթան Իքոնէ, 74-րդ վայրկեանին: Իքոնէ 40-րդ վայրկեանին փոխարինած էր Ալիմանի Կորին, որ վիրաւորուելով չէր կրցած շարունակել մրցումը:
Բաժակի մրցաշարքի այս հանգրուանի ամէնէն հետաքրքրական մրցումին, Լիլ իր դաշտին վրայ պարտութիւն կրեց Լիոնէն (2-1), ուր պրազիլցի յառաջապահ Էնտրիք իր առաջին մրցումին նշանակեց Լիոնի յաղթանակի կոլը: Էնտրիք, որ տարի մը առաջ միացած էր Ռէալ Մատրիտին, միշտ ալ պահեստի աթոռներուն վրայ կը մնար, եւ այդ պատճառով ալ նախընտրեց ժամանակաւորապէս հեռանալ խումբէն` միանալով Լիոնին, 2026-ի Մոնտիալին մասնակցելու յոյսով:
Անգլիոյ մէջ, անցեալ տարուան ախոյեան Լիվըրփուլ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պարնզլին, բաժակի 1/32-րդ հանգրուանի մրցումներուն:
Տոմինիք Սոպուլայ, Ճերեմի Ֆրեմփոնկ, Ֆլորիան Վիրց եւ Ուկօ Էքիթիքէ նշանակեցին «կարմիրներ»-ուն 4 կոլերը` Գ. դասակարգի մրցակիցին դէմ:
Լիվըրփուլի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Պրայթըն, որ դուրս ձգած էր Մանչեսթըր Եունայթըտը` 2-1 արդիւնքով:
Այս հանգրուանին Նոթինկհամ Ֆորեսթ փենալթիներով պարտութիւն կրած էր Ռեքսհամէն (Բ. դասակարգ)` մրցումին 90 վայրկեանները 3-3 արդիւնքով աւարտելէ ետք: Ռեքսհամ մինչեւ 74-րդ վայրկեան 3-1 արդիւնքով կը յառաջանար, բայց Ֆորեսթ կրցած էր հաւասարիլ վերջին վայրկեաններուն:
Անակնկալ արդիւնք մըն էր Քրիսթըլ Փելեսի պարտութիւնը Զ. դասակարգի Մաքլըսֆիլտ խումբէն, որ մինչեւ 90-րդ վայրկեան 2-0 արդիւնքով կը յաղթէր: Երեմի Փինօ վերջին վայրկեանին նշանակեց Փելեսի միակ կոլը:
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 20-րդ հանգրուանին գծով Եուվենթուս 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Քրեմոնեզէն: Պրեմեր, Տէյվիտ, Եըլտըզ, Թերաչիանօ եւ Մաքինի նշանակեցին Եուվէի կոլերը:
Եուվենթուս, որ վերջին անգամ անցեալ 7 դեկտեմբերին պարտութիւն կրած էր (Նափոլիէն), 7 մրցումներէ ի վեր անյաղթ է եւ կը բարձրանայ դասաւորման մէջ` հաւասարելով Նափոլիի 39 կէտերուն:
Այսօր Նափոլի պիտի հիւրընկալէ Փարման, Ինթեր` Լեչէն, իսկ Քոմոն` Ա. Սէ. Միլանը:


